HAZIRLIK AŞAMASINDA

բոր

մաշկի վարակիչ հիւանդութիւն մը, ուր(ու)կութիւն ուրկոտութիւն
cüzam

բորակածին

քիմիական կազային մարմին մը
azot

բորբ

տաք, ջերմ, պայծառ

բորբոս

մգլածութիւն
küf

բորբոքիլ

հրահրիլ, արծարծիլ

բորբոքիլ

գրգռուիլ (կիրքերու)
köpürmek

բորենի

գիշակեր գազան մը
sırtlan

բոց

կրակին այրող մասը
alev

բոցագոյն

բոցի գոյնով, կարմիր

բոցակէզ

բոցի պէս այրող, հրավառ

բոցավառ

բոցով վառող կամ բոցի պէս վառող, պայծառ

բոցավառիլ

բոց արձակելով վառիլ
alev almak, alevlenmek

բոցափայլ

բոցի պէս փայլող

բու

գիշերային գիշատիչ թռչուն մը
baykuş

բութ

ոչ-սրածայր, ծայրը հաստ
küt, kör

բութ

երկրաչափութեան մէջ ուղիղ անկիւնէն աւելի մեծ անկիւն
geniş [açı]

բութ

կէտադրական նշան մը ( ՝ )

բուժավայր

առողջարար կլիմայ կամ հանքային ջուրեր ունեցող տեղ՝ ուր հիւանդները կ՚երթան բուժուելու կամ կազդուրուելու համար
kaplıca

բուժել

բժշկել, դարմանել, աղէկցնել
tedavi etmek

բուծանել

խնամել, դարմանել