HAZIRLIK AŞAMASINDA

գանձապետ

այն անձը՝ որ կը կառավարէ գանձարանը

գանձատուն

գանձարան, այն շէնքը՝ որուն մէջ կը պահեն արժէքաւոր իրերը եւ դրամները գանձարան գանձ պահելու տեղ
hazine

գանձատուն

արժէքաւոր գոյքերու կամ գրուածքներու հաւաքածոյ

գանձել

դրամ ժողվել, դրամ հաւաքել
tahsil etmek

գառն

գառնիկ, գառնուկ
kuzu

գառնարած

գառնուկներ արածող հովիւ

գարեջուր

գարիէ պատրաստուած ոգելից ըմպելի
bira

գարի

հասկաւոր բոյս մը՝ որ երկայն հատիկներ ունի
arpa

գարնանային

գարնային, գարուն եղանակին վերաբերեալ, գարնան յատուկ

գարշ

զզուանք պատճառող, շատ աղտոտ

գարշահոտութիւն

շատ անախորժ հոտ, զազրահոտութիւն, նեխ
pis koku

գարշապար

ոտքի տակը, ոտքի կոխած տեղը

գարշելի

շատ աղտոտ, գանելիք, նողկալի

գարշիլ

գանիլ, նողկալ, խորշիլ
tiksinmek

գարուն

տարուան առաջին եղանակը՝ որ կ՚սկսի Մարտին ու կը տեւէ մինչեւ &ունիս
ilkbahar

գաւազան

կլոր եւ երկայն ձող (շատ անգամ փայտէ), ցուպ, մահակ, մական
değnek, baston, asa

գաւազանակիր

հոգեւորական անձ՝ որ կը կրէ հայրապետին գաւազանը

գաւաթ

փոքր աման՝ որ կը ծառայէ ջուր՝ թէյ՝ սուրճ եւայլն խմելու, բաժակ, ըմպանակ
bardak, kadeh

գաւակ

ձիու եւ ուրիշ կենդանիներու ետեւի կողմը՝ պոչէն մինչեւ մէջք
sağrı

գաւառ

երկրի մը՝ քաղաքէ հեռու մէկ երկրամասը
taşra