HAZIRLIK AŞAMASINDA

աղիւս

կաւով շինուած քար
tuğla

աղիւսակ

1էն 10 բազմապատկութիւն
kerrat cetveli, çarpım tablosu

աղիւսակ

պզտիկ աղիւս

աղճատ

աղաւաղած, աւրուած

աղճատել

աղաւաղել, աւրել, խաթարել

աղմկալից

աղմուկով լեցուն, խռովալից

աղմկայոյզ

աղմուկով տակնուվրայ եղած, խռովայոյզ

աղմկարար

աղմուկ ընող, խռովարար

աղմուկ

այն ձայնը՝ որ մարդը անհանգիստ կ՚ընէ, ժխոր
gürültü

աղու

անոյշ, քաղցր, շնորհալի (նայուածք)

աղուամազ

բարակ մազ
kıl, tüy

աղուէս

գիշակեր կենդանի մը՝ որ ծանօթ է իր խորամանկութեամբ
tilki

աղուհացք

մեծ պահք

աղուոր

գեղեցիկ, սիրուն, լաւ
güzel

աղջամուղջ

մութնուլոյս, մթնշաղ
alacakaranlık

աղջիկ

օրիորդ, կոյս, աղջիկ զաւակ
kız

աղջիկտես

աղջկատես, հարսնցու աղջիկը տեսնել

աղջնակ

փոքր աղջիկ

աղտ

կեղտ, մարմնի վրայ գոյացած աղտոտութիւն
kir

աղտեղաբան

կեղտոտբերան, զազրախօս, անամօթ խօսքեր ընող