HAZIRLIK AŞAMASINDA

գերակշիռ

աւելի բարձր արժէք ունեցող

գերահռչակ

շատ համբաւաւոր, երեւելի
meşhur

գերաճիլ

սովորականէն աւելի մեծնալ

գերան

քառակուսի տաշուած մեծ ծառ՝ որ կը գործածուի իբրեւ շինութեան ատաղձ
direk, kiriş, mertek

գերանդի

մեծ մանգաղ՝ որ հնձելու կը ծառայէ
tırpan

գերաշնորհ

շատ շնորհալի

գերաշնորհ

բարձր հոգեւորականի տիտղոս

գերապայծառ

խիստ պայծառ, փառաւոր

գերապայծառ

կաթոլիկ հայերու մէջ բարձրաստիճան հոգեւորականի տիտղոս

գերապայծառութիւն

փառաւորութիւն, շքեղութիւն

գերապայծառութիւն

իշխաններու եւ բարձրաստիճան հոգեւորականներու տիտղոս

գերապատիւ

բարձրագոյն պատուի արժանի

գերապատիւ

եպիսկոպոսներու տիտղոս

գերբնական

բնականէն վեր կամ բարձր, ինչ որ բնութեան օրէնքներով կարելի չէ բացատրել
doğaüstü, olağanüstü

գերդաստան

միեւնոյն ծագումը ունեցող ընտանիք, ազգատոհմ
sülale, aile

գերեզման

մեռեալին թաղուած տեղը կամ փոսը, շիրիմ, տապան
mezar

գերեզմանատուն

գերեզմաննոց, այն տեղը՝ ուր գերեզմաններ կը գտնուին
mezarlık

գերել

գերի բռնել
esir almak

գերել

հրապուրել, հմայել, առինքնել
esir etmek

գերեվաճառ

այն մարդը՝ որ գերիներ կը գնէ ու կը ծախէ
esir tüccarı