գլխակորոյս
գլուխը կորսնցուցած, խելքը գլխէն գացած
գլխահակ
գլուխը ծռած, գլխիկոր
գլխանոց
գլուխի ծածկոց, գդակ
takke, başlık, serpuş
գլխատել
գլուխը կտրել, գլխահատել
գլխարկաւոր
գլուխը գլխարկ դրած
şapkalı
գլխաւոր
այն՝ որ միւսներէն աւելի կարեւոր է, էական, հիմնական
baş(lıca), esas, temel
գլխաւորաբար
գլխաւորապէս, մանաւանդ
գլորել
բան մը գետին տապալել կամ գետնի վրայ թաւալել
yuvarlamak
գլորիլ
ինք իր վրայ տապալիլ
yuvarlanmak
գլուխ
մարդու մարմնին վերին մասը՝ որ կը պարունակէ ուղեղը եւ զգայարանները
baş
գլուխ-գործոց
գործերուն ամէնէն կարեւորը
başyapıt
գլտորել
գլորել, առարկայ մը ինքնիր վրայ թաւալելով շարժել
yuvarlamak
գծագրել
պատկեր մը գիծերով արտայայտել
çizmek
գծիկ
փոքր գիծ՝ որ կը միացնէ երկու բառ ( -)
tire
գձուձ
անարգ, ստորին, արհամարհելի
adi, alçak, zelil
գմբեթ
գմբէթ, կամարաձեւ տանիք
kubbe
գնահատել
գին կտրել, արժէքը որոշել
takdir etmek
գնահատել
արժէքը ճանչնալ, հաւնիլ
գնահատուիլ
արժէքը յայտնի ըլլալ, հաւնուիլ
գնահատում
գնահատութիւն, յարգը կամ արժէքը որոշել