HAZIRLIK AŞAMASINDA

գոհաբանել

գոհութիւնը արտայայտել, շնորհակալ ըլլալ

գոհանալ

գոհ ըլլալ, աւելին չուզել
yetinmek, şükretmek

գոհար

թանկագին քար մը
cevahir

գոհարավաճառ

այն՝ որ գոհարներ կ՚առնէ ու կը ծախէ

գոհացնել

գոհ ձգել, ուզածը տալ
memnun/tatmin etmek

գոհացուցիչ

ինչ որ գոհ կը ձգէ, բաւարար
tatminkâr

գոհութիւն

բաւարարուած ըլլալ, շնորհակալութիւն

գոհունակ

գոհ, գոհութիւն զգացող

գոհունակութիւն

գոհ ըլլալ, գոհութիւն զգալ
memnuniyet

գող

այն՝ որ գաղտնաբար կ՚առնէ ուրիշին ապրանքը, աւազակ
hırsız

Գողգոթա

Երուսաղէմի մօտ լեռ մը՝ ուր խաչուեցաւ Յիսուս

գողնալ

ուրիշին ապրանքը գաղտնի վերցնել, կորզել
çalmak

գողունի

գողի պէս, գաղտուկ
gizli(ce), sinsi(ce)

գողունի

գողութեամբ ձեռք ձգուած, գողօն
çalıntı

գողտրիկ

փափուկ, մեղմ, քնքոյշ
şirin, narin

գոմ

ընտանի անասուններ պահելու տեղ, ախոռ, փարախ
mandıra, ağıl

գոմէշ

սեւ ստեւներով տեսակ մը եզ
manda, camız, kömüş

գոյական

շնչաւոր եւ անշունչ կամ նիւթեղէն եւ աննիւթ գոյութիւններուն տրուած անունը (ինչպէս՝ հասարակ անուն, յատուկ անուն, վերացական անուն)
isim, ad

գոյականաբար

իբրեւ գոյական, գոյականի տեղ (գործածուած)

գոյացնել

մէջտեղ հանել, երեւան բերել
meydana getirmek