գրչատուփ
գրչաման, այն տուփը՝ որուն մէջ կը պահեն գրիչ՝ մատիտ եւն.
kalemlik
գրպան
հագուստի վրայ կարուած փոքրիկ քսակ (զանազան իրեր պահելու համար)
cep
գրպանել
գրպանը դնել, գողնալ, իւրացնել
cebine atmak
գրքակալ
վրան գիրք դնելու շարժական եւ ծալլուող սեղան՝ որ կը գործածուի ընդհանրապէս եկեղեցիներու մէջ
rahle
գրքոյկ
փոքր գիրք
kitapçık, broşür
գօս
սմքած, չորցած, ցամքած
գօսացնել
չորցնել, ցամքեցնել
գօտեմարտ
ձեռքի կռիւ (իրար փաթթուելով), ըմբշամարտ
güreş
գօտեպինդ
գօտին սեղմած, կազմ ու պատրաստ
գօտի
կաշիէ կամ ուրիշ նիւթէ պատրաստուած երիզ՝ որ կը գործածուի իբրեւ կապ
kemer
գօտի
երկրագունդի մակերեւոյթին իւրաքանչիւր բաժանումը (տեղի ջերմութեան համաձայն)
kuşak
Դ
չորս կամ չորրորդ
Դ
դիմորոշ յօդ
դագաղ
այն սնտուկը՝ որուն մէջ մեռեալ կը դրուի
tabut
դադար
հանգիստ, աշխատանքի ընդմիջում
ara, dinlenme
դադրեցնել
կեցնել, կասեցնել
durdurmak, son vermek
դադրիլ
կենալ, կասիլ
durmak, kesilmek
դադրիլ
կտրիլ, հատնիլ
dinmek
դաժան
չար, անողորմ, խոժոռ, բիրտ
haşin, acımasız
դալար
բուսնող կանանչ խոտ
yeşil(lik)