դանդաղ
դանդաղկոտ, կամաց կամ ծանր շարժող, յամր
ağır, yavaş
դանդաղիլ
կամաց շարժիլ, տնտնալ, յուլանալ
yavaşlamak, ağırdan almak
դաշն
դաշինք, համաձայնութիւն, պայմանագրութիւն
akit, bağıt
դաշն
ներդաշնակ, մեղմ, հաճելի (եղանակ)
դաշնագիր
գրաւոր դաշինք
muahede, antlaşma
դաշնակ
դաշնամուր, մետաղեայ լարերով եւ ստեղնաշարով նուագարան մը
piyano
դաշնակահար
դաշնակ նուագող (արուեստագէտ)
piyanist
դաշնակից
իրարու հետ համաձայնած կամ պայմանաւորուած (պետութիւն), ուխտակից
müttefik, bağlaşık
դաշնակութիւն
ներդաշնակութիւն, ձայնակցութիւն
դաշոյն
երկսայրի եւ սրածայր փոքր սուր
hançer
դաշունահարել
դաշունել, դաշոյնով զարնել
hançerlemek
դաշտ
տափարակ գետնի տարածութիւն, հարթավայր, տափաստան
ova
դաշտամուկ
դաշտերու մէջ ապրող մուկ
tarla faresi
դաշտան
կիներու ամսական արիւնահոսութիւնը
âdet
դաշտավայր
դաշտային տեղ, տափաստան, դաշտ
դառն
լեղի, անախորժ
acı
դառն
տաժանելի, վիրաւորիչ
դառնալ
ուղղութիւնը փոխել
dönmek
դառնալ
գալ վերադառնալ
դառնալ
ուրիշ բանի մը վերածուիլ, փոխուիլ