դեղնորակ
դեղձան, դեղինի զարնող (գոյն), խարտեաշ
sarımsı
դեղնուց
հաւկիթին մէջի դեղին մասը
yumurta sarısı
դեռ
տակաւին, ալ
daha, henüz
դեռաբուսիկ
դեռ նոր բուսած, շատ փոքր
դեռածին
նոր ծնած, նորածին (երախայ)
դեռածին
առաջին անգամ զաւակ բերած (մայր)
դեռահասակ
դեռահաս, նոր հասնող կամ փոքր տարիքի անձ, պատանի
դեռատի
դեռահասակ, մատղաշ, հասակը նոր առնող
դեռափթիթ
դեռաբողբոջ, նոր ծլած կամ ծաղկած
դեսպան
երկրի մը՝ ուրիշ պետութեան մօտ ուղարկած ներկայացուցիչը
elçi
դեր
գործի մը եւ կամ բեմադրութեան մը մէջ իւրաքանչիւր անձի ինկած բաժինը
rol
դեր
նախադաս մասնիկ՝ “փոխանակ” կամ “տեղը” նշանակութեամբ
դերանուն
այն փոփոխական բառերը՝ որոնք կը դրուին գոյական անուններու տեղ
zamir, adıl
դերասան
դերակատար, բեմի վրայ որոշ դեր մը ունեցող
oyuncu, artist
դերբայ
անորոշ եղանակի բայական ձեւեր՝ որոնք իբրեւ գոյական կամ ածական կը գործածուին
դերբուկ
խորտուբորտ կամ քարոտ տեղ
դերձակ
հագուստ կարող արհեստաւոր
terzi
դերձան
կարելու թել
iplik
դեւ
վիթխարի հասակով՝ սաստիկ ուժեղ մարդանման արարած
dev
դեւ
չար ոգի, սատանայ