HAZIRLIK AŞAMASINDA

դժոխք

գեհեն՝ ուր կը կարծուի թէ մեղաւորները պիտի այրին

դժոխք

այնտեղ՝ ուր խառնաշփոթութիւն կամ անկարգութիւն կը տիրէ
cehennem

դժուար

դժուարին, շատ աշխատանք պահանջող, ծանր
zor, güç

դժուարահաճ

այն՝ որ դժուար կը հաւնի
zor beğenen, titiz

դժուարամարս

դժուար մարսելի (ուտելիք)
hazmı zor

դժուարութիւն

արգելք, խոչընդոտ, նեղութիւն
güçlük

դի

մեռած մարմին, դիակ
ölü, leş, kadavra

դի

կողմ
taraf, yan

դիազննութիւն

մահուան պատճառը հասկնալու համար դիակը կտրել եւ քննել
otopsi

դիաթաղ

դիակ կամ մեռել թաղող (մարդ)

դիակ

մեռած մարդու կամ անասունի մարմին, դի
ceset, ölü, leş

դիապատիկ

դիակը պատանքի մէջ փաթթող դիեցիկ կաթ ուտող երախայ, ծծկեր

դիզել

իրարու վրայ դնելով դէզ շինել, կուտակել
yığmak, dizmek

դիզուիլ

կուտակուիլ, բարդուիլ, հաւաքուիլ

դիմագիծ

դէմքին գիծերը, կերպարանք
yüz (hattı/ hatları), çehre

դիմագրաւել

վտանգի դէմ առաջ նետուիլ, դէմ կենալ
karşı durmak, göğüslemek

դիմադարձ

հակառակորդ, դէմ կանգնող, դիմադրող

դիմադրել

դէմ դնել, հակառակիլ, ընդդիմադրել
karşı koymak, direnmek

դիմակ

խաւաքարտէ կամ կերպասէ շինուած կերպարանք, ծպիտ
maske

դիմակազերծ

դիմակը վար առնուած, իսկութիւնը մէջտեղ ելած, խայտառակուած
maskesi düş(ürül)müş