դիտել
ուշադրութեամբ նայիլ
seyretmek
դիտել
տալ ուշադրութիւն հրաւիրել
dikkat çekmek, uyarmak
դիտմամբ
դիտումով, մասնաւոր նպատակով
kasten, bilerek
դիտող
այն՝ որ կը դիտէ կամ կը զննէ
դիտողութիւն
տեսածին կամ լսածին մասին կարծիք յայտնել, առարկութիւն
düşünce, değerlendirme
դիրք
դրուելու ձեւ, վիճակ
mevzi, konum, durum
դիրք
ընկերութեան մէջ մարդուն գրաւած տեղը կամ պաշտօնի մէջ աստիճան
mevki
դիցաբանութիւն
աստուածներու եւ հերոսներու մասին առասպելախառն պատմութիւն
mitoloji
դիցապաշտ
հեթանոսական աստուածներ պաշտող, կռապաշտ
putperest
դիցափառ
չաստուածներու պէս փառաւոր
դիցուհի
աստուածուհի, չաստուածուհի
ilahe, tanrıça
դիւահար
դեւէն կամ սատանայէն զարնուած, այսահար
cin çarpmış/tutmuş
դիւան
ժողովի մը վարիչ մարմինը
divan
դիւան
պաշտօնական ատեան կամ դահլիճ
դիւանագէտ
պետական պաշտօնեայ՝ որ կարող է պաշտպանել իր պետութեան շահերը
diplomat
դիւթագեղ
հմայիչ գեղեցկութիւն ունեցող
դիւթական
հմայիչ, կախարդական, մոգական
դիւթել
հմայել, հրապուրել, թովել, առինքնել
büyülemek
դիւթիչ
շատ գեղեցիկ, հմայիչ, հրապուրիչ
büyüleyici
դիւթուիլ
հմայուիլ, հրապուրուիլ, յափշտակուիլ