HAZIRLIK AŞAMASINDA

դռնապան

դրան պահապան
kapıcı

դռնբաց

դռները բաց կամ մուտքը ազատ

Դռնբացէք

Ծաղկազարդի երեկոյեան եկեղեցիի վարագոյրը բանալու արարողութիւն

դռնփակ

դռները գոց կամ մուտքը արգիլուած

դրախտ

արքայութիւն, եդեմ
cennet

դրախտային

դրախտի վերաբերեալ, եդեմային

դրախտավայր

դրախտի պէս աղուոր տեղ

դրական

իրական, ստոյգ

դրական

հաստատական, ընդունող
olumlu

դրական

այն թիւը կամ քանակը՝ որ ունի ( + ) նշանը
pozitif

դրական

ելեքտրական ոչ-ժխտական հոսանք

դրամ

ոսկիի կամ արծաթի արժէքով շինուած փոխանակութեան միջոց
para

դրամագլուխ

որեւէ գործի յատկացուած շահաբեր գումար
sermaye, anapara

դրամական

դրամի վերաբերեալ
parasal

դրամանենգ

կեղծ դրամ շինող
kalpazan

դրամաշորթութիւն

ապօրինի կերպով կամ խաբէութեամբ ուրիշին դրամը կորզել

դրամապանակ

դրամ պահելու գրպանի քսակ
cüzdan

դրամապաշտութիւն

դրամը պաշտել կամ շատ սիրել

դրամատէր

դրամ ունեցող
para sahibi

դրամատէր

դրամագլուխի տէր
sermayedar, kapitalist