HAZIRLIK AŞAMASINDA

երրորդ

նախադասութիւնը՝ որ կը հետեւի առաջարկութիւններէն
netice, sonuç

եթեր

վերին օդ՝ որ շատ թեթեւ է եւ պատած է ամբողջ երկինքը
esir

եթերային

օդին պատկանող կամ օդային, երկնային

եթէ

թէ որ, երբոր (շաղկապ մը)
eğer

ելակ

ելակենիի պտուղը
çilek

ելեքտրական

ելեկտրական, ելեքտրականութեան վերաբերեալ

ելեքտրականութիւն

ելեկտրականութիւն, մարմիններու այն յատկութիւնը՝ որ թեթեւ նիւթերը իրենց կը քաշեն կամ կայծ ու լոյս յառաջ կը բերեն
elektrik

ելեւէջ

ելլել-իջնել
iniş çıkış

ելեւէջ

բարձրանալ-ցածնալ

ելլել

ներսէն դուրս գալ
çıkmak

ելլել

ցածէն բարձր փոխադրուիլ, բարձրանալ
yükselmek

ելմտական

պետութեան մը եկամուտներուն՝ ծախքերուն եւ պարտքերուն տնտեսութեան վերաբերեալ, դրամական
mali(ye)

ելոյթ

հրապարակաւ արտայայտուիլ (դեր մը կատարելով կամ խօսելով)
gösteri, çıkış, konuşma

ելք

դուրս ելլել
çıkış

ելք

անցք, ճամբայ, միջոց, հնար

եկամուտ

աշխատանքէ կամ կալուածէ գոյացած հասոյթ
gelir

եկեղեցական

եկեղեցիի վերաբերեալ

եկեղեցական

հոգեւորական

եկեղեցի

աղօթատեղի, տաճար, ժամ
kilise

եկքանիկ

կարմիր՝ սեւ ու դեղին փետուրներով քաղցրաձայն թռչուն մը
saka (kuşu)