HAZIRLIK AŞAMASINDA

Երգ Երգոց

Սողոմոնի մէկ գրքին անունը
Ezgiler Ezgisi

երգեցիկ

երգող, երգելու յարմարութիւն ունեցող երգեցողութիւն երգ ու նուագ

երգեցիկ

եկեղեցական երաժշտութիւն

երգէոն

երգեհոն, դաշնակի նմանող նուագարան մը
org

երգիծաբան

երգիծանք կամ ծաղրական գրուածքներ գրող
mizahçı

երգիծական

ծաղրական, հեգնական
mizahi

երգիչ

երգելու մասնագէտ, հմուտ երգող
şarkıcı

երգչախումբ

երգիչներու խումբ
koro

երգչուհի

կին երգիչ

երդ

երդիք, տանիք
dam

երդիք

տանիք
dam, çatı

երդիք

տուն, բոյն, ընտանիք

երդում

նուիրական բանի մը վրայ տրուած պատուոյ խօսք
yemin

երեկոյ

մայրամուտէն մինչեւ գիշեր, իրիկուն
akşam

երեկոյթ

երեկոյին կազմակերպուած հանդէս կամ ընդունելութիւն

երես

գլխուն առջեւի մասը, դէմք
yüz, çehre

երեսնամեայ

երեսուն տարուան, երեսուն տարեկան

երեսուն

երեք անգամ տասը
otuz

երեսպաշտութիւն

կեղծաւորութիւն, շողոքորթութիւն

երեսփոխան

ժողովուրդին կողմէ ընտրուած ազգային ժողովի անդամ
mebus, milletvekili