HAZIRLIK AŞAMASINDA

զբաղեցնել

մէկու մը ուշադրութիւնը գրաւելով ժամանակը անցընել, պարապեցնել
meşgul etmek, uğraştırmak, oyalamak

զբաղում

գործ, աշխատութիւն, պարապում
meşguliyet, uğraşı

զբօսանք

զուարճութեան կամ ժամանցի համար կատարուած որեւէ գործ կամ խաղ
teneffüs, dinlenme, eğlence

զբօսաշրջիկ

այն մարդը՝ որ հաճոյքի համար կը շրջագայի զանազան երկիրներ
turist

զբօսավայր

զբօսարան, զբօսատեղի, զբօսնելու տեղ
eğlence yeri

զբօսեցուցիչ

հաճելի ժամանց պատճառող, զուարճացնող

զբօսնուլ

զբօսանք ընել, զուարճանալ, խաղալ
eğlenmek, gez(in)mek

զգալ

որեւէ զգայարանով տպաւորութիւն մը ընդունիլ

զգալ

հոգեկան տպաւորութիւններ ունենալ
hissetmek

զգալի

աչքի զարնող, յայտնի, որոշ
hissedilir

զգածուիլ

հոգեկան զգացումներով յուզուիլ, ազդուիլ
mütehassis olmak, duygulanmak

զգայազիրկ

զգայազուրկ, զգալու կարողութենէն զրկուած, զգայարանները բթացած

զգայական

զգայնիկ, զգացող, զգայուն.

զգայական

զգայարաններու վրայ ազդող
hissi

զգայարանք

արտաքին աշխարհէն տպաւորութիւններ ընդունելու հինգ գործարանները (ինչպէս՝ տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, շօշափելիք, ճաշակելիք)
duyu (organları)

զգայացունց

խիստ տպաւորիչ, ցնցող, վրդովիչ
(tüyler) ürpertici

զգայնանալ

զգածուիլ, համակուիլ, յուզուիլ

զգայնութիւն

զգայնիկութիւն, զգայուն ըլլալ, դիւրազգածութիւն
hassasiyet, duyarlılık

զգայութիւն

գիտակցուած տպաւորութիւն (որեւէ

զգայարանքով

ստացուած)
his, duy(g)u