HAZIRLIK AŞAMASINDA

զուլալ

վճիտ, յստակ, անապակ, ջինջ
berrak

զուսպ

զսպուած, սեղմ, չափաւոր
mazbut, ölçülü

զուտ

անխառն, մաքուր, զտուած
saf(i), sırf

զուր

պարապ տեղը, անհետեւանք, անարժէք, փուճ

զուրկ

զրկուած, անբաժին, չունեցող
mahrum, yoksun

զոքանչ

մարդու մը համար՝ իր կնոջ մայրը
kaynana

զռինչ

զռոց, իշուն զռալու կամ զռնչելու ձայնը, իշու աղաղակ
anırma

զսպանակ

մետաղեայ՝ պարուրաձեւ առաձգական լար
zemberek

զսպել

սանձել, թոյլ չտալ, բռնել, արգիլել
bastırmak, tutmak, kontrol etmek

զտել

օտար նիւթերէն բաժնել կամ մաքրել
arıtmak, süzmek

Զրադաշտ

շուրջ 35.. տարի առաջ ապրած իմաստասէր մը՝ որ հիմնած է Պարսից կրակապաշտ կրօնքը՝ որ կը ճանչնար զոյգ աստուածներ (բարիի՝ Որմիզդ եւ չարի՝ Արհման)
Zerdüşt

զրահ

մետաղեայ հագուստ՝ զէնքի հարուածէն պաշտպանուելու համար
zırh

զրահաւոր

զրահապատ, իր վրայ զրահ ունեցող.

զրահաւոր

զրահանաւ, մարտանաւ
zırhlı

զրաւ

վերջ, ծայրը, վախճան

զրաւ

մահ

զրկանք

զուրկ մնալու հետեւանքով հոգեկան կամ նիւթական անձկութիւն
mahrumiyet, yoksunluk

զրկել

իրաւունքը կտրել, արգելք դնել
mahrum etmek

զրկուիլ

զրկանք կրել, չունենալ

զրոյ

զերոյ, . թուանշանը՝ որ ոչ մէկ քանակութիւն կ՚արտայայտէ
sıfır