HAZIRLIK AŞAMASINDA

թալկութիւն

մարելու վիճակ, նուաղում
baygınlık

թալուկ

գլխու պտոյտ, նուաղում, մարմրուկ

թախանձել

շատ աղաչել, աղաչել-պաղատիլ
yalvarmak

թախիծ

սաստիկ տխրութիւն, կսկիծ, վիշտ
keder

թախծագին

շատ տխուր, տրտում-տխուր

թախծոտ

թախիծով կամ տխրութեամբ լեցուն
kederli

թակ

փայտէ ձող (գնդաձեւ կամ խորանարդաձեւ գլուխով)
tokmak

թակարդ

թակարթ, անասուններ որսալու գործիք, որոգայթ, վարմ, ծուղակ
kapan

թակոյկ

կաւէ մեծ աման (ջուրի կամ գինիի), մեծ սափոր
testi

թաղ

քաղաքի մը բաժանումներէն ամէն մէկը
mahalle, semt

թաղ

գերեզմանատան մէջ ոեւէ ընտանիքի մեռեալներուն յատկացուած հողամասը

թաղանդ

թաղանթ, բարակ մաշկ
zar

թաղանդապատ

թաղանթապատ, թաղանդով պատած, թաղանդածածկ

թաղապետ

թաղի կառավարիչ
muhtar

թաղար

կաւէ աման (ծաղիկ հասցնելու)
saksı

թաղել

հողին մէջ դնել կամ հողով ծածկել
gömmek

թաղեցի

թաղի բնակիչ, թաղակից
mahalleli, semt sakini

թաղիք

թաղի, ճնշուած բուրդէ կամ մազէ շինուած կտաւ
keçe

թաղում

թաղելու գործողութիւն, յուղարկաւորութիւն
defin, göm(ül)me

թամբ

նստելու կազմած՝ որ կը դրուի ձիու մէջքին վրայ
eyer