HAZIRLIK AŞAMASINDA

թաւիշ

կերպասի տեսակ մը՝ որուն մէկ երեսը ծածկուած է շատ խիտ խաւով մը
kadife

թաւշագոյն

գործածուած է “մութ սրճագոյն” իմաստով

թաւշալանջ

գործածուած է “լանջքը կամ կուրծքը

թաւիշով

ծածկուած” իմաստով

թաւուտ

թաւուտք, խիտ առ խիտ բուսած (մացառ, թուփ եւն.)
(sık) çalılık, ağaçlık

թաւուտ

անտառ, պուրակ

թափ

շարժելու կարողութիւն, ոյժ
kuvvet, güç

թափանցել

մէջը անցնիլ
nüfuz etmek

թափանցել

մէջէն անցնիլ (ջուրը կամ լոյսը)
geçmek

թափանցիկ

իր մէջէն ջուր կամ լոյս անցընող
şeffaf

թափառական

որոշ բնակութիւն մը չունեցող, վաչկատուն
göçebe

թափառական

թափառաշրջիկ
avare

թափառայած

թափառաշրջիկ, անգործ եւ աննպատակ թափառող
serseri, başıboş

թափառիլ

աննպատակ շրջիլ կամ պտտիլ
dolanmak

թափառկոտ

թափառական, թափառաշրջիկ

թափել

ամանի մը մէջէն պարպել (ուզելով եւ կամ ակամայ)
dökmek

արիւն թափել

սպաննել

արցունք թափել

լալ

լեզու թափել

համոզելու աշխատիլ

ճիգ թափել

ջանալ