HAZIRLIK AŞAMASINDA

թելադրել

խորհուրդ տալ, դրդել, մղել, կամքը պարտադրել
önermek, tavsiye/telkin/dikte etmek, dayatmak

թելադրութիւն

խորհուրդ տալ կամ յիշեցնել, դրդում
telkin

թելակ

նաւու թի կամ ղեկ

թեկնածու

այն անձը՝ որ կ՚ուզէ ընտրուիլ
namzet, aday

թեմ

այն գաւառը կամ երկիրը՝ որ յանձնուած է եպիսկոպոսի մը առաջնորդութեան, վիճակ

թերալոյս

կէս լոյս կամ տկար լոյս

թերակղզի

այն հողամասը՝ որ միայն մէկ կողմով միացած է ցամաքի, կիսակղզի
yarımada

թերահաւատ

հաւատքը պակաս

թերահաւատ

կասկածոտ, երկմիտ

թերահաւատութիւն

հաւատքի պակաս, կասկած

թերանալ

պարտականութեան մէջ պակաս ունենալ

թերեւս

հաւանաբար, փափաքելի է որ (աղէկ բանի համար)
belki

թերթ

լայն՝ տափակ եւ բարակ որեւէ նիւթ

թերթ

գրքի կամ տետրակի իւրաքանչիւր թուղթ
yaprak

թերթ

լրագիր
gazete

թերթուշ

անուշեղէն մը
baklava

թերթօն

թերթի մը մէջ մաս առ մաս հրատարակուած վէպ կամ որեւէ գրուածք
tefrika

թերի

պակաս կամ կիսատ մնացած (բարդութեան մէջ «թեր» կը նշանակէ «պակաս».
eksik, natamam, yarım (kalmış)

թերակատար

պակաս կատարուած

թերայոյս

յոյսը պակաս