HAZIRLIK AŞAMASINDA

թխաթոյր

գոյնը թուխի զարնող, մութ գոյնով

թխսել

հաւկիթի վրայ նստելով ձագ հանել
kuluçkaya oturmak

թղթակցիլ

իրարու նամակ գրել, նամակով հաղորդակցիլ,
yazışmak

թղթակցիլ

հեռու տեղ գտնուող թերթի մը աշխատակցիլ

թղթատար

նամակ տանող-բերող, սուրհանդակ
posta

թղթատել

գրքի մը թերթերը դարձնել (բովանդակութեան մասին գաղափար կազմելու համար)
göz atmak, karıştırmak

թմբի

քաղցրաբոյր ծաղիկներով ծառ մը
ıhlamur

թմբիր

թմրեցնող դեղ

թմբիր

թմրութիւն, քուն

թմբուկ

գլանաձեւ երաժշտական գործիք մը՝ որուն երկու կողմերը կենդանիի մորթով պատուած են
davul

թմթռկած

մորթին վրայ կնճիռներ գոյացած, խորշոմած
kırışık, kırışmış, buruşuk, buruşmuş

թմրիլ

զգալու կարողութիւնը կորսնցնել, ընդարմանալ
uyuşmak

թնդագին

շատ մեծ աղմուկով, դղրդագին

թնդալ

մեծ աղմուկ հանել, դղրդալ
inlemek

թնդանօթ

ռումբեր արձակելու գործիք (պատերազմական)
top

թնճուկ

իրար խառնուած (մազեր կամ թելեր).

թնճուկ

խառնակութիւն, կնճիռ

թշնամանք

թշնամութիւն, մէկուն վնաս հասցնելու վիճակ

թշնամանք

անարգանք, նախատինք,
düşmanlık

թշնամի

մէկուն կամ բանի մը վնաս հասցնելու աշխատող, ոսոխ,
düşman