HAZIRLIK AŞAMASINDA

թովչութիւն

գրաւիչ գեղեցկութիւն, հրապոյր, հմայք
cazibe, büyü

թորեցնել

որեւէ հեղուկ եռացնել՝ եւ անոր շոգին պաղեցնելով դարձեալ հեղուկի վերածել
damıtmak

թորիլ

կաթիլ-կաթիլ հոսիլ, ծորիլ
damlamak

թուաբանութիւն

թիւերով գործողութիւններ կատարելու ուսում
aritmetik

թուական

թիւերու կամ քանակութիւններու վերաբերեալ
sayısal

թուական

ժամանակը (օրը, ամիսը, տարին) ցոյց տուող թուանշաններ
tarih

թուակիր

թիւ՝ եւ կամ թուանշան ունեցող
tarihli, sayılı

թուել

թուարկել, զատ-զատ ըսել, համրել
saymak

թուզ

թզենիի պտուղ
incir

թութ

թթենիի պտուղ
dut

թութակ

թռչուն մը՝ որ կրնայ լսած բառերը կրկնել, պապկայ
papağan

թուիլ

տարբեր բանի մը նմանիլ, երեւիլ
benzemek, gibi gelmek/görünmek

թուիլ

կարծուիլ

թուլնալ

թուլամորթ դառնալ, մեղկանալ
gevşemek

թուլնալ

ոյժը պակսիլ

թուլնալ

մտային կարողութիւնը կամ ուշադրութիւնը նուազիլ

թուլօրէն

թոյլ կերպով, ձգուած վիճակով

թուխ

մութ գոյն (սեւի մօտ)
esmer

թուխս

կարգ մը կենդանիներու հաւկիթի վրայ նստելու վիճակը (ձագ հանելու համար)
kuluçka

թուղթ

նուրբ թերթ (բուսական)
kağıt