ժամադրավայր
ժամադրատեղի, հանդիպումի համար որոշուած տեղ
randevu/buluşma yeri
ժամադրութիւն
հանդիպումի ժամը եւ տեղը որոշել
randevu
ժամանակ
տեւողութիւն, միջոց, ատեն (զոր կ՚ըմբռնենք անցեալը եւ ապագան մտաբերելով)
zaman
ժամանակ
բայերու խոնարհումին “ներկայ, անցեալ, ապառնի” ձեւերը
ժամանակագրութիւն
դէպքերու յաջորդականութիւնը՝ ժամանակի կարգով
kronoloji
ժամանակակից
նոյն ժամանակի
ժամանակակից
այժմեան, մեր օրերուն
çağdaş
ժամանակամիջոց
պայմանաժամ, տեւողութիւն
ժամանակաշրջան
ժամանակի որոշ տեւողութիւն
ժամանակավրէպ
սխալ կամ անճաշակ՝ ու այսօրուան մտայնութեան անյարմար
çağdışı
ժամանակացոյց
դասաժամերու ցուցակ
(ders) program(ı)
ժամանակացոյց
փոխադրական միջոցներու մեկնումի ժամերը ցոյց տուող ցուցակ
tarife
ժամանակաւ
շատ ատեն առաջ, ատենօք
ժամանում
գալ, հասնիլ, գալուստ
varış, geliş
ժամանց
ատեն անցընելու համար հաճելի զբաղում
vakit geçirme, meşgale, eğlence
ժամավաճառութիւն
պարապ տեղը ժամանակ վատնել
ժամացոյց
օրուան ժամերը ցոյց տուող գործիք
saat
ժամերգութիւն
ժամասացութիւն, եկեղեցական արարողութիւն
ժամկոչ
ժամհար, եկեղեցական պաշտօնեայ՝ որուն գլխաւոր գործն է զանգակը հնչեցնել
zangoç
ժամուց
եկեղեցիի եւ կամ հոգեւորականի տրուած դրամական նուէր