HAZIRLIK AŞAMASINDA

ժայթքել

ուժգին կերպով դուրս հոսիլ, ցայտել
fışkırmak

ժայռ

գետնի վրայ բարձրացած խոշոր քար, ապառաժ
kaya

ժանգ

խոնաւ տեղ մնացած երկաթի եւ ուրիշ կարգ մը մետաղներու վրայ գոյացած փոշի
pas

ժանգոտած

վրան ժանգ բռնած
paslı

ժանեակ

ցանցի պէս հիւսուած զարդեղէն
dantel

ժանիք

գազանի ակռայ

ժանտ

շատ գէշ, չար, վատ

ժանտախտ

համաճարակ հիւանդութիւն մը
veba

ժանտատենդ

ծանր եւ վարակիչ հիւանդութիւն մը
tifüs

ժապաւէն

նեղ ու երկայն նուրբ կերպաս, երիզ
kurdele

ժապաւէն

շարժապատկերի երիզ
film

ժառանգ

այն՝ որ մէկուն ստացուածքին տէրը կը դառնայ անոր մահէն ետք, ժառանգորդ.

ժառանգ

ժառանգութիւն

ժառանգազուրկ

ժառանգէ զրկուած, անժառանգ

ժառանգական

սերունդէ սերունդ եւ կամ ծնողքէն փոխանցուած
kalıtsal

ժառանգել

ժառանգ ստանալ

ժառանգել

ծնողքէն որեւէ յատկութիւն կրել

ժառանգորդ

կտակով եւ կամ իբրեւ ազգական ժառանգող, ժառանգ
vâris, mirasçı, kalıtçı

ժառանգութիւն

այն ստացուածքը՝ զոր կ՚ստանայ ժառանգորդը
miras, kalıt

ժեռուտ

ժայռոտ, ապառաժուտ