ինքնաշարժ
այն կառքը՝ որ կ՚ընթանայ մեքենայի շարժիչ ոյժով
otomobil
ինքնապաշտպանութիւն
ինքզինք պաշտպանել (թշնամիէն)
özsavunma
ինքնավստահ
ինքզինքին վստահելով, համարձակ
(kendinden) emin
ինքնատիպ
ուրիշներուն չնմանող, ինքնօրինակ
ինքնիշխան
ինքնավար, ազատ, անկախ
özerk, otonom
ինքնիրեն
ինքնին, ըստ ինքեան
kendi kendine
ինքնօգնութիւն
ինքնաշխատութիւն, առանց ուրիշին օգնութեան կարօտելու
իշխան
երկրի մը պետը, թագաւոր
prens, hükümdar
իշխանական
իշխանին յատուկ
իշխանական
տիրապետող, իշխան
իշխանական
շքեղ, փարթամ
իշխանութիւն
ուզած կերպով գործելու իրաւասութիւն
iktidar
իշխանութիւն
թագաւորութիւն
իշխել
տիրել կամ տիրապետել
hükmetmek
իջեցնել
բարձր տեղէն վար առնել, ցածցնել
indirmek
իջեւան
գիշերը անցընելու կամ հանգստանալու տեղ, պանդոկ, օթեւան
konak, han
իջնել
բարձրէն դէպի ցած գալ
inmek
իսկ
բայց, հապա
oysa, bile
իսկ
ճշմարիտ, իրական
իսկական
բուն, հարազատ, իրական
esas, asıl, hakiki