HAZIRLIK AŞAMASINDA

իսկապէս

իրաւցնէ, իրապէս, իրօք
sahiden, gerçekten

իսկատիպ

իրական, հարազատ

իսկատիպ

ինքնատիպ

իսկոյն

շուտով, անմիջապէս
hemen

իսկութիւն

բուն էութիւն, ճշմարտութիւն
öz, hakikat

իսպառ

մինչեւ վերջը
sonuna kadar, ilelebet

իսպառ

բոլորովին
büsbütün, bütünüyle

իտէալ

(օտար բառ) կատարելութեան տիպար՝ կամ գերագոյն նպատակ, մտատիպար

իր

որեւէ բան կամ առարկայ
eşya

իրագործել

բան մը իրականացնել, գործադրել
gerçekleştirmek

իրադարձութիւն

դէպքի մը կամ գործի մը ընթացքին պատահած փոփոխութիւններ, փուլ
gelişme

իրազեկ

տեղեակ, լաւ գիտցող, վերահասու
vâkıf, aşina, haberdar

իրախոյզ

դէպքերը խուզարկող, հետաքրքիր

իրական

գոյութիւն ունեցող կամ պատահած, իսկական
gerçek

իրականանալ

իրական դառնալ, իրագործուիլ
gerçekleşmek

իրականութիւն

ինչպէս որ եղած է, եղելութիւն
gerçek(lik)

իրականութիւն

մեր ապրած պայմանները

իրան

մարմին (առանց գլխու եւ անդամներու)
gövde

իրապաշտութիւն

արուեստի մէջ ուղղութիւն մը՝ որ կողմնակից է նոյնութեամբ նկարագրել որեւէ նիւթ (առանց զարդարելու՝ կամ առանց ծածկելու անոր անհաճոյ կողմերը)
realizm, gerçekçilik

իրար

մէկզմէկ (փոխադարձ դերանուն)