HAZIRLIK AŞAMASINDA

իրիկուն

երեկոյ
akşam

իրիկուն

գիշեր

Իրիսի

գօտի ծիրանի գօտի, ծիածան
gökkuşağı

իրողութիւն

իրական դէպք, իրականութիւն

իրօք

իրաւ, իրապէս, արդարեւ
gerçekten

իցի՜ւ

երանի՜, երնէ՜կ

իւղ

ճարպային նիւթ (բուսական կամ կենդանական)
yağ

իւղագին

եկեղեցիի տրուած դրամական նուէր

իւղաներկ

բուսական իւղով շինուած ներկ
yağlıboya

իւրացնել

իրը դարձնել, տիրանալ, սեփականացնել
kendine mal etmek, özümlemek

իւրաքանչիւր

ամէն մէկը, անձնիւր
her bir

Լ

երեսուն կամ երեսներորդ (ԼԱ = 31, ԼԳ = 33)

լաբիւրինդոս

խառնաշփոթ անցք կամ դրութիւն

լազուարթ

մութ կապոյտ (գոյն)
lacivert

լազուտ

ընտիր բոյս մը, եգիպտացորեն
mısır

լաթ

կտաւեղէն
bez

լաթ

հագուստ, զգեստ
çamaşır, giysi

լալ

աչքէն արցունք գալ, արտասուել
ağlamak

լալիւն

լալու ձայն, լաց
ağlama (sesi)

լալկան

շարունակ լացող
ağlak