HAZIRLIK AŞAMASINDA

երկու

ծայրերը միացնող պրկուած առասան
yay

երկու

շրջանակի մը որեւէ երկու կէտերը միացնող ուղիղ գիծ
kiriş

լարախաղաց

լարի վրայ խաղեր կատարող
(ip) cambaz(ı)

լարել

թելերը պրկել
germek

լարել

գործելու վիճակի մէջ դնել
kurmak, akort etmek

լարուիլ

ջիղերը պրկուիլ, գրգռուիլ, թշնամանալ
gerilmek, gerginleşmek, gerili/gergin olmak

լարում

պրկուած վիճակ

լարում

խիստ ուշադիր կամ հետաքրքիր վիճակ

լաց

լալու վիճակ, արտասուք
ağlama

լացուկոծ

լալ ու ողբալ, դառն լաց
ağlayıp sızlama, figan

լաւ

աղէկ, նպաստաւոր, ընտիր
iyi

լաւագոյն

ամէնէն լաւը, շատ լաւ
en iyi

լաւաշ

բարակ բացուած անխմոր հաց

լաւատես

միշտ լաւը յուսացող
iyimser

լաւորակ

լաւ յատկութիւններ ունեցող
kaliteli

լափել

արագ-արագ ուտել կամ առանց ծամելու կլլել
(yalayıp) yutmak

լեարդ

փորին աջ կողմը գտնուող գործարան մը՝ որ մաղձ կ՚արտադրէ
karaciğer

լեգէոն

զինուորներու խումբ, զօրագունդ
lejyon

լեզու

ճաշակելու եւ խօսելու գործարան
dil

լեզու

միտքը արտայայտելու կերպ, բարբառ
dil, lisan