HAZIRLIK AŞAMASINDA

լլկել

բռնաբարել (կին), պղծել (աղջիկ)
kirletmek, ırza geçmek/tasallut etmek

լխկիլ

չափազանց հասուննալու կամ երկար մնալու հետեւանքով ջուր կտրիլ (պտուղներու)
çürümek, su kesmek

լխկիլ

թուլնալ

լծակ

բարակ ու երկայն ձող (առարկայ մը տեղէն շարժելու համար)
manivela, kaldıraç

լծել

լուծի տակ դնել (աշխատցնելու համար), կապել
koşmak

լծորդ

ուրիշ բանի մը կապուած, կցորդ

լծորդութիւն

բայերու վերջաւորութիւնը (ել, իլ, ալ, ուլ)
mastar

լղրճել

աղտոտել, ապականել
berbat/mundar etmek

լման

ամբողջ, անպակաս
tam

լմննալ

ամբողջանալ, լրանալ
bitmek

լմննալ

հատնիլ, սպառիլ

լմնցնել

ամբողջացնել
bitirmek

լմնցնել

հատցնել, սպառել

լոգարան

լոգանք ընելու կամ լուացուելու տեղ
banyo

լոկ

միայն, միմիայն, սոսկ
sadece

լողալ

ջուրին մէջ յառաջանալ (շարժելով)
yüzmek

լոյծ

հալած վիճակի մէջ, հեղուկ
erimiş, sıvı

լոյս

տեսողութիւնը կարելի դարձնող փայլ եւ կամ արեւու ճառագայթ
ışık

լոյս

տեսնել մէջտեղ ելլել, հրատարակուիլ
çıkmak, yayınlanmak

լորձունք

բերնի մէջ ծորող հեղուկ, շողիք
salya