անանուն
որուն տէրը յայտնի չէ, շատերու պատկանող, անուն չունեցող
isimsiz, anonim
անանջատ
միացած, անբաժան
անանցանելի
ուրկէ կարելի չէ անցնիլ, անցք չունեցող
geçilmez, geçit vermez
անաշխատ
առանց յոգնելու, դիւրին
անաչառ
խտրութիւն չընող, անկողմնակալ, արդարադատ
adil
անապակ
ջուր չխառնուած, զուտ, անխառն
saf, halis
անապական
չապականած, մաքուր, անարատ
անապաստան
պատսպարուելու տեղ չունեցող
անապատ
պարապ թողուած տեղ, անբնակ տեղ.
անապատ
շատ ընդարձակ աւազուտ տարածութիւն՝ ուր ջուրի չգոյութեան պատճառաւ ոչ բոյսկ՚աճի եւ ոչ ալ կենդանիները կրնան ապրիլ
çöl
անապատական
անապատակեաց, ճգնաւոր
անապատական
վայրի
անապաւէն
անպատսպար, անպաշտպան, անապաստան
korunaksız, korunmasız
անառակ
այն տղան՝ որ մեծերուն տուած խրատին չի հնազանդիր
yaramaz
անառակ
անկարգ, անբարոյական
անառակութիւն
անհնազանդութիւն,
անկարգութիւն
անամօթութիւն
yaramazlık
անառաւել
ոչ պակաս-ոչ աւելի, չափաւոր
անառիկ
զոր կարելի չէ գրաւել, ամուր, ամրակուռ
անասելի
ինչ որ կարելի չէ ըսելով հասկցնել, անպատմելի, անճառելի