HAZIRLIK AŞAMASINDA

անարեւ

արեւու լոյս չտեսնող, մութ, խաւար, անլոյս

անարժան

ինչ որ արժանի չէ, անպատշաճ

անարի

վախկոտ, վատ

անարիւն

առանց արիւնի մնացած կամ արիւնը քիչ
kansız

անարիւնութիւն

արիւնի պակասութիւն
kansızlık

անարհեստ

արհեստ չունեցող, պարզ աշխատաւոր, մշակ

անարուեստ

արուեստի կամ գեղեցկութեան պակաս, տգեղ

անարօր

չհերկուած հող, անմշակ գետին

անաւագ

հասարակ, խեղճ, տկար

անաւարտ

կէս մնացած, պակասաւոր, թերի

անաւեր

չաւրուած, հաստատ, ապահով

անբաժանելի

ինչ որ կարելի չէ բաժնել կամ զատել

անբաժին

բաժինէ կամ ժառանգութենէ զրկուած.

անբաժին

միակտուր
yekpare

անբախտ

բախտ չունեցող, դժբախտ
şanssız, talihsiz

անբաղդատելի

տարբերութիւնը շատ մեծ, անհամեմատելի

անբաղձալի

ինչ որ հաճելի չէ, անհաճոյ անբան խելք միտք չունեցող, անասուն
akılsız

անբասիր

որուն կարելի չէ որեւէ մեղադրանք ընել, շատ պատուաւոր, առաքինի
erdemli, namuslu

անբարբառ

առանց խօսելու, առանց լեզուի, անխօս անբարեխիղճ մէկը՝ որ ուրիշներու հանդէպ երբեք բարի չէ, չար
vicdansız

անբարեկիրթ

կոշտ ու կոպիտ, անկիրթ, անշնորհք