HAZIRLIK AŞAMASINDA

հարթ

ոչ-խորտուբորտ, ողորկ, շիտակ, յղկուած
düz(gün)

հարթաչափ

գործիք մը՝ որով կը չափեն մակարդակի մը հարթ կամ հորիզոնական վիճակը
(su) terazi(si)

հարթել

շտկել, տափակցնել, յղկել
düzeltmek

հարթել

արգելքները վերցնել

հարթչիլ

վախէն վեր ցատքել, խրտչիլ
(ürküp) sıçramak

հարիւր

տասն անգամ տասը
(100), yüz

հարիւրամեակ

հարիւր տարի, դար

հարիւրամեակ

հարիւր տարին լրացնելու առթիւ տօն, յոբելեան

հարիւրաւոր

հարիւրներ պարունակող, շատ
yüzlerce

հարիւրաւոր

թիւի մը մէջ աջէն դէպի ձախ Գ թուանշանը
yüzlük, yüzler hanesi

հարկ

հարկադրանք, պարտաւորութիւն
zorunluluk

հարկ

պահանջք, պէտք
gerek

հարկ

կառավարութեան վճարուած տուրք
vergi

հարկադրել

բան մը ընելու ստիպել, պարտադրել, բռնադատել
zorlamak, dayatmak

հարկադրուիլ

ստիպուիլ, պարտաւորուիլ
mecbur kalmak

հարկատու

հարկ կամ տուրք վճարող

հարկատու

գերի

հարկաւ

ստիպման տակ, ստիպումով

հարկաւոր

կարեւոր, անհրաժեշտ, պարտաւորիչ

հարճ

երկրորդական կամ ապօրէն կին
odalık