HAZIRLIK AŞAMASINDA

հարսնացնել

հարսնցու աղջիկը ամուսնացնել

հարսնեակ

թրթուրին անշարժ վիճակը (երբ տակաւին չէ այլակերպուած)
krizalit

հարսնեգին

հարսին ծնողքին տրուելիք դրամ (փեսացուին կողմէ)
başlık

հարսնեւոր

հարսնիքի մասնակցող հիւր
düğüncü

հարստահարել

իրաւունքը կողոպտել, կեղեքել
soymak, sömürmek

հարստութիւն

հարուստ վիճակ, ճոխութիւն, առատութիւն
zenginlik

հարստութիւն

իշխանութիւն (հինիմաստով)
hanedanlık

հարց

հարցում
soru

հարց

վիճելի կէտ, խնդիր
sorun

հարց

հայրերու (գրաբար հոլովուած)

հարցական

անորոշ, թէական
belirsiz, tartışılır, soru

հարցական

հարցական նշան, հարցանիշ, պարոյկ

հարցանիշ

հարցման նշան, պարոյկ ( ՞ )
soru imi

հարցափորձել

հարցաքննել, զանազան հարցումներ ընել
sorgulamak, sorguya çekmek

հարցնել

հարց տալ, հարցում ընել (տեղեկանալու կամ սորվելու համար)
sormak

հարցում

բացատրութիւն ստանալու համար մէկու մը ուղղուած խօսք
soru

հաց

շաղուած եւ փուռի մէջ եփած ալիւրէ ուտելիք
ekmek

հաց

ապրուստ

հաց

ճաշ

հացաբոյս

հացահատիկ, արմտիք
tahıl