HAZIRLIK AŞAMASINDA

հաւնիլ

արժէք տալ, ախորժիլ
beğenmek

հաւնոց

հաւերու բնակութեան տեղ, հաւտուն
kümes

հեգել

վանկերը կապելով կարդալ
hecelemek

հեգնել

հեգնութիւն ընել, ծաղրել
alay etmek

հեգնոտ

հեգնող, հեգնական
alaycı, alaysı

հեգնութիւն

հեգնանք, ծաղրելու համար ըսուած խօսք, ծաղր
alay

հեզ

հեզաբարոյ, հեզահամբոյր, քաղցր ու մեղմ բնաւորութեան տէր
yumuşak (huylu), uysal

հեզամրմունջ

մեղմ ու անոյշ ձայնով

հեզութիւն

հեզիկ կամ հեզ վիճակ

հեթանոս

կռապաշտ,
putperest

հեթանոս

բարբարոս

հեթանոսական

կռապաշտական

Հելլէն

յոյներու հին անունը

հեծ

հեծեծանք, լաց, հառաչանք

հեծան

գերան

հեծան

հաստ գաւազան, բիր

հեծանիւ

հեծելանիւ, երկու անիւով փոխադրական միջոց մը
bisiklet

հեծել

հեծեծալ, հեկեկալ, հառաչել, ողբալ, կողկողել
inlemek

հեծելագունդ

հեծելազօրք, ձիաւոր զինուորներու գունդ
süvari alayı

հեծեծանք

լաց ու կոծ, հառաչանք
inleme