HAZIRLIK AŞAMASINDA

անբարոյական

բարոյականէ զուրկ, անպատիւ, աննկարագիր
ahlaksız

անբարունակ

առանց պտղաւէտ ճիւղ մը տալու, առանց բարի գործ մը ձգելու

անբացատրելի

բան մը՝ զոր կարելի չէ բացատրել, անմեկնելի

անբաւ

որուն հասնիլ կարելի չէ, անչափ
sınırsız

անբաւական

բան մը՝ որ չի բաւեր, պակաս, թերի
yetersiz

անբեր

անբերրի, բերք կամ պտուղ չտուող,

անպտուղ

ամուլ
verimsiz

անբերելի

շատ ծանր, անտանելի, անդիմադրելի

անբեւեռ

ծայր չունեցող, առանց ծայրի

անբժշկելի

անբուժելի, հիւանդութիւն մը՝ զոր կարելի չէ դարմանել
onulmaz, şifasız, devasız

անբիծ

շատ մաքուր, անարատ, անբասիր
lekesiz

անբնական

ինչ որ սովորական չէ կամ բնութեան դէմ է, բռնազբօսիկ անբնակելի անբնակ, տեղ մը՝ ուր մարդ չ'ապրիր, անշէն

անբռնաբարելի

ինչ որ կարելի չէ բռնի առնել՝ աղտոտել կամ չարչարել, անկապտելի

անգամ

ալ.

անգամ

բազմապատկութիւն
kere, çarpı

անգամ

մէյ մը, հեղ
kez, defa

անգայթ

չսահող, հաստատ, անդեդեւուն

անգայտ

նուրբ, ցանցառ, անօսր, բարակ

անգայտաչափ

կազային մարմիններու առաձգական ոյժը չափող գործիք
manometre, basıölçer

անգեղ

գեղեցկութիւն չունեցող, տգեղ