HAZIRLIK AŞAMASINDA

հերոս

դիւցազն, քաջ
kahraman

հերոս

գլխաւոր անձ (վէպի մէջ)

հերոսութիւն

քաջագործութիւն, դիւցազնութիւն

հերու

անցեալ տարի
bıldır

հերքել

սուտ հանել, չընդունիլ
yalanlamak, tekzip etmek

հեւալ

շատ կարճ եւ արագ շունչ առնել (յոգնութենէն),
solumak

հեւասպառ

հեւ ի հեւ, շնչասպառ

հեւ ի հեւ

հեւալով, շնչասպառ
soluk soluğa

հեւք

շունչ կամ շնչառութիւն

հեւք

շատ կարճ եւ արագ շնչառութիւն (որպէս յոգնութեան կամ հիւանդութեան նշան)

Հեփեստոս

կրակի չաստուածը (յոյն դիցաբանութեան մէջ)

հեքեաթ

հէքեաթ, շինծու պատմուածք՝ ուր առհասարակ անհաւատալի բաներ կը պատահին
hikaye, masal

հեքեաթունակ

հեքեաթի նմանող

հզօր

շատ զօրաւոր, զօրեղ, ուժեղ,
güçlü

հզօրագոյն

ամէնէն աւելի զօրաւոր, շատ ուժեղ

հէք

հէգ, խեղճ, թշուառ, ողորմելի
zavallı

հիանալ

զմայլիլ, սքանչանալ
imrenmek, hayran olmak

հիանալի

հիասքանչ, սքանչելի, զմայլելի
nefis, enfes

հիասթափիլ

յուսախափ ըլլալ, ուշքի գալ

հիացական

հիացում արտայայտող