HAZIRLIK AŞAMASINDA

հոլանի

մերկ, բաց, անծածկոյթ
çıplak

հոլով

շրջան, պտոյտ (ինքնիր վրայ)

հոլով

բառերու վերջաւորութեան կրած փոփոխութիւնը (իրենց պաշտօնին համաձայն)
çekim

հոլովակերտ

հոլով շինող (մասնիկ)

հոլովե

դարձնել

հոլովել

բառերուն վերջաւորութիւնը փոխել

հոծ

խիտ, ստուար, լեցուն
büyük, çok

Հոկտեմբեր

տարուան Ժ ամիսը
Ekim

հող

երկիր, գետին

հող

արտ, կալուած
toprak

հողագործութիւն

հողամշակութիւն, երկրագործութիւն
ziraat, tarım

հողաթափ

առանց կրունկի ոտնաման, մուճակ
terlik

հողակոյտ

հողի կոյտ, հողաբլուր

հողակոյտ

գերեզման
mezar

հողամաս

երկրագունդի հինգ մասերէն ամէն մէկը,
kıta, anakara

հողամաս

հողի մաս

հողմ

հով, քամի
rüzgâr

հողմածածան

հովէն ծածանող կամ շարժող

հողմաղաց

հովու ոյժով աշխատող աղօրիք
yel değirmeni

հողմացոյց

հովուն ուղղութիւնը ցոյց տուող (թեթեւ թիթեղ մը՝ որ կը դառնայ հովուն փչած ուղղութեամբ)
yelkovan