HAZIRLIK AŞAMASINDA

հրաշագեղ

հրաշալի գեղեցկութեամբ, սքանչելի

հրաշագործ

հրաշքներ գործող

հրաշալի

զմայլելի, սքանչելի, աննման
harika, enfes

հրաշալիք

հիացում պատճառող գործ
harika

հրաշակերտ

հրաշալի շինուած, հոյակապ

հրաշէկ

կրակի մէջ կարմրած, ատրաշէկ
kızgın

հրաշէկ

սաստիկ տաքցած

հրաշք

հրաշագործութիւն, անբացատրելի դէպք՝ որ կը վերագրուի գերբնական զօրութեան
mucize

հրապարակ

բաց տեղ (քաղաքի մէջ), ասպարէզ
meydan, alan

հրապարակ

ժողովուրդին հաւաքուած տեղը, շուկայ
piyasa

հրապարակագիր

այն՝ որ կը գրէ քաղաքական՝ տնտեսական եւ հասարակական հարցերու մասին
köşe yazarı, gazeteci

հրապարակագրութիւն

լրագրութիւն, գաղափարներ արտայայտել՝ լրագրի մէջ
köşe yazarlığı, gazetecilik

հրապարակախօս

հրապարակի մէջ խօսող, ատենաբան, ատենախօս
hatip

հրապարակային

ամէնուն մէջ կատարուող

հրապարակաւ

ամէնուն մէջ, յայտնապէս
açıkça, alenen

հրապարակել

ամէնուն իմացնել, յայտնել
açıklamak

հրապոյր

բացառիկ գեղեցկութիւն՝ որ մարդը իրեն կը քաշէ, հմայք, թովչութիւն
cazibe

հրապուրել

հմայել, դիւթել, առինքնել
cezbetmek

հրապուրիչ

հմայիչ, առինքնող, դիւթիչ
çekici, cazip

հրապուրուիլ

հմայուիլ, յափշտակուիլ