HAZIRLIK AŞAMASINDA

ձագուկ

փոքրիկ ձագ (սիրուն կամ սիրելի)
yavru(cak/cuk), yavrucağız

ձախ

սրտին գտնուած կողմը, աջին հակառակ կողմը, ահեակ
sol

ձախակողմեան

ձախ կողմը գտնուող

ձախակողմեան

ընկերային հաւասարութեան կողմնակից
solcu

ձախլիկ

ձախով գործող
solak

ձախլիկ

ձախաւեր, անճարակ

ձախողիլ

անյաջողութիւն կրել, չյաջողիլ, վրիպիլ, վիժիլ
başarısız olmak, başarısızlığa/akamete uğramak

ձախորդութիւն

ձախող վիճակ, ձախողանք, անյաջողութիւն
başarısızlık

ձախորդութիւն

դժբախտութիւն

ձաղկել

գաւազանով ծեծել, գանակոծել
sopalamak, sopa atmak

ձաղկել

խօսքով հարուածել, պախարակել

ձայն

օդին ալիքաձեւ թրթռացումները՝ երբ կը հասնին մեր ականջին, հնչիւն
ses, ün

ձայն

խօսելու կամ կարծիք յայտնելու իրաւունք

ձայնագիր

մեքենայ մը՝ որ կ՚արձանագրէ ձայները եւ նոյնութեամբ կը վերարտադրէ
fonograf, gramafon

ձայնազուրկ

այն՝ որ իրաւունք չունի կարծիք յայտնելու՝ ընտրելու եւ ընտրուելու

ձայնակցիլ

միեւնոյն ձեւով խորհիլ ու ըսել, համաձայնիլ
katılmak, hemfikir olmak

ձայնանիշ

երաժշտական նշան, խազ
nota

ձայնասփիւռ

ձայնը տարածող մեքենայ
radyo

ձայնարկութիւն

բառի տեսակ մը՝ որով զգացում կամ կիրք կ՚արտայայտենք, միջարկութիւն
ünlem

ձայնաւոր

ձայն ունեցող գիր՝ որուն շնորհիւ կը կարդանք բաղաձայնը
ünlü, sedalı harf, vokal