HAZIRLIK AŞAMASINDA

ձիթենի

ձիթապտուղի ծառ
zeytin ağacı

ձիր

նուէր, ընծայ, պարգեւ

ձիրք

ընդունակութիւն, յատկութիւն, կոչում, քանքար
yetenek, vergi

ձիւթ

կպչուն նիւթ մը
sakız

ձիւն

օդին մէջ սառելով՝ բիւրեղացած անձրեւի կաթիլ՝ որ ունի ճերմակ գոյն
kar

ձիւնախառն

որուն հետ ձիւն խառնուած է (ինչպէս՝ ձիւնախառն անձրեւ)
karla karışık

ձիւնափայլ

ձիւնի նման փայլող, շատ սպիտակ

ձիւնաթոյր

ձիւնի գոյնով, ճեփճերմակ

ձիւնապատ

ձիւնով պատած, ձիւնով ծածկուած

ձիւնասպիտակ

ձիւնի պէս ճերմակ եւ մաքուր

ձիւնափրփուր

ձիւնի պէս սպիտակ փրփուր ունեցող

ձիւնել

ձիւն տեղալ, ձիւն գալ
kar yağmak

ձիւն-ձմեռ

ձիւնաշատ կամ սաստիկ ձմեռ

ձկնավաճառ

ձուկ ծախող (մարդ)
balıkçı

ձկնկիթ

ձուկի հաւկիթ, թառափկիթ
balıkyumurtası, havyar

ձկնկուլ

ձուկերով սնանող թռչուն մը
balıkçıl

ձկնորս

ձուկի որսորդ
balıkçı

ձկնորսութիւն

ձուկի որսորդութիւն
balıkçılık

ձմեռ

տարուան ցուրտ եղանակը
kış

կեանքի ձմեռ

ծերութիւն