HAZIRLIK AŞAMASINDA

ձմեռնամուտ

ձմեռ մտնելու օրը (Դեկտեմբեր 22)

ձմեռնային

ձմրան յատուկ

ձմերուկ

ամառնային պտուղ մը
karpuz

ձող

երկար եւ բարակ փայտ՝ կամ երկաթ
sırık

ձողաբարձ

ձողի պէս տնկուած՝ կամ ձողի վրայ բարձրացած

ձողիկ

փոքր եւ բարակ ձող

ձոյլ

ձուլուած, թափուած (մետաղ)
dökme, döküm

ձոյլ

անխառն, զուտ
saf

ձոր

երկու լեռներու միջեւ ցած տեղ, ծործոր, հովիտ
vadi

ձորադաշտ

ձորի մէջ դաշտ, լայն ձոր

ձորակ

փոքր ձոր

ձորամէջ

ձորին մէջտեղը կամ ամենափոս մասը

ձորձ

հագուստ, զգեստ, հագնելիք, լաթ
elbise, giysi

ձորձակալ

զգեստ կախելու կազմած
askı

ձու

հաւկիթ
yumurta

ձուկի ձու

ձկնկիթ

ձուազեղ

ձուածեղ, հաւկիթով եւ իւղով տապկուած հացի շերտ (յետոյ շաքար ցանուած)

ձուածին

ձուէ ծնած, հաւկթածին

ձուաձեւ

ձուածիր, հաւկիթի ձեւ ունեցող
oval, söbe, beyzi

ձուլածոյ

ձուլուած, թափծու (մետաղ)
döküm, dökme