HAZIRLIK AŞAMASINDA

ղեկավարութիւն

ղեկավարի պաշտօնը

ղեկավարութիւն

առաջնորդութիւն

ղենջակ

չորցուելու լաթ
peşkir

ղենջակ

մէջք կապելու լաթ, սփածանելի
peştemal

ղրկել

դէպի ուրիշ տեղ՝ ճամբայ հանել, ուղարկել, առաքել, յղել
göndermek

ղրուշ

թրքական լիրային մէկ հարիւրերորդը
kuruş

ղօղանջ

ղօղանջիւն, զանգակի հնչիւն
çan/zil sesi

ղօղանջել

խուլ հնչիւններ արձակել (ինչպէս՝ խոշոր զանգակներու ուժգին ձայնը)
çınlamak, çalmak

ղօղիլ

ծածկուիլ, պահուիլ

ղօղիլ

լուռ մնալ

Ճ

հարիւր կամ հարիւրերորդ (ՃԱ = 101, ՃԺԱ = 111)

ճագար

նապաստակի նմանող կենդանի մը
adatavşanı

ճաթեցնել

պայթեցնել եւ ճեղք բանալ
çatlatmak

ճաթեցնել

սաստիկ խնդացնել

ճաթեցնել

զայրացնել

ճաթիլ

պայթիլ, ճեղքուիլ
çatlamak

ճախարակ

թել կամ դերձան փաթթելու՝ կամ ոլորելու գործիք (անիւի նման)
makara

ճախարակ

գործիք մը՝ որ իր շուրջ դառնալով կը տաշէ փայտը կամ մետաղը

ճախարակուած

ճախարակով շինուած կամ տաշուած, կոկիկ, յարդարուն

ճախճախուտ

հոն՝ ուր լիճի ձեւով ջուր հաւաքուած է, տղմուտ տեղ, եղտիւր
bataklık