HAZIRLIK AŞAMASINDA

ճախրանք

թռիչք, սաւառնում

ճախրել

օդին մէջ շրջանակ գծելով թռչիլ (թռչուններու)

ճախրել

արագ թռչիլ, սաւառնիլ

ճակատ

դէմքի վերի մասը (յօնքերէն մինչեւ գլխու մազերը)
alın

ճակատ

որեւէ առարկայի առջեւի կողմը

ճակատ

պատերազմական գիծ
cephe

ճակատաբաց

բաց ճակատով, անվախ

ճակատագիր

կարծել թէ՝ ինչ որ պիտի պատահի մարդոց՝ նախապէս գրուած է իրենց ճակտին վրայ ու չի փոխուիր
alınyazısı

ճակատագիր

բախտ, վիճակ

ճակատագրական

շատ կարեւոր
hayati (önem taşıyan)

ճակատագրական

անխուսափելի
mukadder

ճակատամարտ

պատերազմ, մեծ կռիւ
muharebe, savaş

ճակատիլ

կռուիլ, պատերազմիլ
karşı karşıya gelmek, çarpışmak, savaşmak

ճակնդեղ

բոյս մը՝ դեղին կամ կարմիր արմատով՝ որմէ թէ] կերակուր կը պատրաստեն՝ եւ թէ շաքար կը հանեն
pancar

ճահիճ

կայուն՝ կամ լճացած ջուրով ծածկուած գետին, եղտիւր
bataklık

ճաղատ

գլխու մազերը թափած
kel

ճաճանչ

ճառագայթ, շող
şua, ışın

ճաճանչ

լոյս

ճաճանչել

շող կամ լոյս արձակել, փայլիլ

ճաճանչոսկր

նախաբազուկի երկու ոսկորներէն փոքրագոյնը
döner kemik