HAZIRLIK AŞAMASINDA

անդարմանելի

ինչ որ կարելի չէ դարմանել կամ բժշկել, անփոխարինելի

անդեղեայ

թոյնի մը ազդեցութիւնը ջնջող դեղ, հակաթոյն
panzehir

անդէմ

դէմք չունեցող (բայերու մէջ կը նշանակէ գործողութիւն մը կամ վիճակ մը՝ որուն տէրը յայտնի չէ՝ ինչպէս անորոշ եղանակի ձեւերը)

անդէն

նոյն տեղը կամ հոնտեղը, անմիջապէս, իսկոյն

անդէորդ

եզներ ու կովեր արածող հովիւ, խաշնարած

անդէպ

անյարմար, անվայել, անտեղի

անդիմադրելի

որուն դէմ կենալ կարելի չէ, անխափանելի
dayanılmaz, karşı konulmaz

անդնդախոր

շատ խորունկ եւ շատ ընդարձակ

անդոհ

մտմտուք, նեղութիւն, հոգ
düşünce, kaygı

անդորր

հանդարտ, խաղաղ, հանգիստ, ապահով
sakin

անդորրութիւն

խաղաղութիւն, հանդարտութիւն, ապահովութիւն
sükûnet, sakin, sakinlik, huzur, huzurluluk

անդուլ

առանց կենալու, անընդհատ, անդադար

անդունդ

մեծ եւ ահաւոր խորութիւն, խորխորատ, վիհ
uçurum

անդր

հոն, դէպի այդ տեղը, անդին

անդրադառնալ

բանի մը մասին մտածել եւ յետոյ հասկնալ, խորհիլ
düşünmek, değinmek

անդրադարձ

դէպքի մը ըրած ազդեցութեան փոխադարձը, հակազդեցութիւն
etki, yankı

անդրադարձնել

մէկու մը սխալը կամ պակասը իմացնել, դիտել տալ

անդրանիկ

առաջնեկ կամ մեծ
ilk

անդրանիկ

նախածին զաւակ

անդրավարտիք

ներքին վարտիք