HAZIRLIK AŞAMASINDA

ճամբայ

անցնելու տեղ, ճանապարհ, անցք, ուղի, շաւիղ
yol

լայն ճամբայ

պողոտայ

խորտուբորտ նեղ ճամբայ

բաւիղ

ծառերով ճամբայ

ծառուղի

նեղ ճամբայ

կածան, արահետ

ճամբար

բանակ
ordu

ճամբար

բանակելու տեղ
ordugâh, karargâh

ճամբել

ղրկել, ուղարկել
yollamak

ճամբել

հեռացնել

ճամբորդ

ուրիշ տեղ մը գացող, ուղեւոր, ճանապարհորդ
yolcu

ճամբորդել

հեռու տեղ կամ օտար երկիր երթալ, ուղեւորել
yolculuk etmek

ճամբորդութիւն

ուղեւորութիւն
yolculuk

ճայ

վայրի թռչուն մը
atmaca

ճանապարհ

ճամբայ, անցք, ուղի
yol

ճանկ

կեռի ձեւով սրածայր եղունգ (կատուի, գազաններու)
pençe

ճանկ

ճիրան, մագիլ (գիշատիչ թռչուններու)

ճանճ

թեւաւոր աղտոտ միջատ մը
sinek

ճանճկէն

ճերմակ գոյնի վրայ սեւ բիծերով (ձի)

ճանչնալ

ծանօթանալ, գիտնալ
tanımak

ճանչցնել

ծանօթացնել, սորվեցնել
tanıtmak