HAZIRLIK AŞAMASINDA

ճշդապահ

իր խօսքը ճիշդ կատարող
dakik

ճշդել

ճիշդ արտայայտել
düzeltmek

ճշդել

ստուգել
doğrulamak

ճշդիւ

ոչ աւելի-ոչ պակաս, ստուգիւ
tam, harfiyen

ճշդութիւն

ճշգրտութիւն, ստուգութիւն
doğruluk

ճշդում

ճիշդը ըսելու համար տրուած տեղեկութիւն
düzeltme

ճշմարիտ

իրականութեան համապատասխան, սուտին հակառակը, ճիշդ,
doğru

ճշմարիտ

իսկական, բուն
gerçek

ճշմարտախօս

ճիշդ խօսող, սուտ չխօսող

ճշմարտապէս

ճշմարիտ կերպով, իրապէս

ճշմարտութիւն

իրականութեան համապատասխանը, ճշդութիւն
gerçek

ճոխ

առատ, հարուստ, փարթամ
zengin

ճոխանալ

հարստանալ, բարգաւաճիլ
zenginleşmek, çoğalmak

ճոխացում

հարստացում

ճոխութիւն

հարստութիւն, առատութիւն
varlık, bolluk, zenginlik

ճոկան

գաւազան (եպիսկոպոսական)

ճողոպրիլ

հազիւ ազատիլ, փախչիլ, պրծիլ
kurtulmak

ճոռոմ

բռնազբօսիկ կերպով զարդարուած (խօսք), ուռուցիկ, փքուռոյց (ոճ)
tumturaklı

ճոռոմաբանել

ճոռոմ կերպով խօսիլ կամ գրել
lafazanlık/dilbazlık etmek, tumturaklı üslupla yazmak

ճորտ

սպասաւոր, ծառայ
serf