HAZIRLIK AŞAMASINDA

մազմզուկ

մազի նման՝ նուրբ թելեր

մաթզենի

մաթուզի ծառ, մշտադալար թուփ մը՝ կարմիր պտուղներով
kocayemişi

մախաղ

տոպրակ, պարկ
heybe

մախր

մարխ, դիւրավառ իւղոտ փայտ
çıra

մածուն

մակարդով թանձրացած կաթ
yoğurt

մածուցանել

փակցնել

մածուցանել

թանձրացնել, մակարդել

մածուցիկ

մածական, կպչուն, փակչող
yapışkan, bulaşkan

մակաբերել

բանէ մը եզրակացութիւն հանել, հետեւցնել
sonuç çıkarmak, varsaymak

մակաբոյծ

ի վնաս ուրիշի մը՝ սնանող
parazit, asalak

մակաբոյծ

ձրիակեր, հացկատակ, սեղանաբոյծ

մակագրութիւն

մակագիր, վերնագիր, խորագիր
başlık

մակագրութիւն

գրուածքի մը վրայ նշանակուած որեւէ գիր
şerh, not

մակալեզու

շնչափողի կափարիչ՝ որ կը գոցէ հագագը՝ երբ բան մը կլլենք
küçükdil

մակածութիւն

տրամաբանութեան մէջ մեթոտ մը՝ որով առանձին դէպքերէն՝ կրնանք ընդհանուր եզրակացութիւններ կամ օրէնքներ հետեւցնել
endüksiyon, tümevarım

մակակէտ

ապաթարց

մակաղուիլ

տեղ մը հաւաքուիլ ու հանգչիլ (ոչխարներու)

մական

գաւազան (իշխանաւորի)
değnek, sopa, asa

մական

հովանաւորութիւն

մականուն

ընտանեկան անուն
soyadı