HAZIRLIK AŞAMASINDA

մանրավէպ

փոքր վէպ՝ կամ պատմուածք
kısa roman

մանրաքայլ

փոքր քայլերով

մանրաքայլ

դանդաղ

մանրել

մանր կտորներու վերածել
ufalamak, doğramak

մանրէ

մանրադիտական մարմիններ՝ որոնք կը գտնուին օդին՝ ջուրին եւ հողին մէջ ու վարակիչ հիւանդութիւններու պատճառ կ՚ըլլան,
mikrop

մանրիկ

շատ մանր՝ կամ նուրբ

մանրուք

մանր իրեր
kırıntı

մանրուք

մանր դրամ
ufaklık, bozukluk

մաշեցնել

շփելով՝ կամ գործածելով հինցնել

մաշիլ

գործածուելու հետեւանքով հիննալ
eskimek, aşınmak, yıpranmak

մաշկ

լերկ մորթ կամ կաշի (առանց մազի)
deri, zar, kabuk

մաշկամիրգ

շագանակ
kestane

մաշկեակ

կաշիէ՝ կամ ոչխարի մորթէ կարուած հագուստ

մաշկոտանի

այն կենդանիները՝ որոնց ոտքի մատները իրար միացած են մաշկով մը
perdeayaklı

Մաշտոց

Հայ Եկեղեցւոյ ծէսերը պարունակող գիրք (ինչպէս՝ կնունքի, պսակի եւ թաղման արարողութիւններ)

մառախուղ

մշուշ, մէգ, շամանդաղ
sis

մառան

գինի եւ զանազան ուտելիքներ պահելու սենեակ, շտեմարան
kiler, mahzen, mağaza

մաս

ամբողջի մը մէկ կտորը, բաժին
parça, kısım, bölüm

մասամբ

մասնակի, մէկ մասով, ոչ-ամբողջական
kısmen

մասնագէտ

բան մը լաւ ուսումնասիրած
uzman