HAZIRLIK AŞAMASINDA

մասնաժողով

մասնախումբ, յանձնաժողով
encümen, komisyon, yarkurul

մասնակցիլ

ուրիշին միանալ, գործակցիլ
katılmak

մասնաճիւղ

գիտութեան մը՝ կամ գործի մը առանձին մէկ ճիւղը
şube

մասնավճար

մաս առ մաս վճարում (պարտքի փոխարէն)
taksit

մասնաւոր

առանձին, յատուկ
özel

մասնաւորապէս

առանձնապէս, յատկապէս
özellikle

մասնաւորել

ընդհանուրէն մասնաւորի իջնել

մասնիկ

փոքր մաս

մասնիկ

քերականութեան մէջ այն գիրերը կամ վանկերը՝ որոնք առանձին չեն գործածուիր՝ այլ կը կցուին բառերուն եւ անոնց կու տան որոշ նշանակութիւններ
ek

մասունք

սուրբերու կմախքէն մնացած փոքր ոսկորի կտոր

մասունք

նուիրական առարկայ
kutsal emanet

մատ

ձեռքի եւ ոտքի ծայրերուն շարժական մասերը
parmak

մատակ

էգ կենդանի (կով, զամբիկ եւն.)

մատակարար

այն անձը՝ որ կը հոգայ տան մը կամ հաստատութեան մը կարիքները
vekilharç, kâhya, idare memuru, idareci

մատակարար

հոգաբարձու

մատակարարել

կարիքները հոգալ, յանձանձել

մատաղ

մատղաշ, դեռատի
körpe, gen

մատաղ

իբրեւ զոհ մորթուած կենդանի՝ զոր կ՚եփեն ու կը բաժնեն աղքատներուն
kurban

մատանի

մատի օղակ (մետաղեայ)
yüzük

մատեան

գիրք (պատմական բովանդակութեամբ)