HAZIRLIK AŞAMASINDA

մեծածախս

մեծ ծախսով, սուղնոց

մեծածաւալ

մեծ ծաւալ ունեցող, ընդարձակ

մեծամասնութիւն

քուէի առաւելութիւն
çoğunluk

մեծամեծ

շատ մեծ, նշանաւոր

մեծամեծ

աւագանի
ileri gelen

մեծամիտ

ամբարտաւան, գոռոզ,
burnu havada, ukala

մեծամոլութիւն

հոգեկան հիւանդութիւն մը՝ որուն ենթական ինքզինք կը կարծէ շատ նշանաւոր մարդ
büyüklük hastalığı, megalomani

մեծանձն

մեծահոգի, վեհանձն
âlicenap

մեծաշուք

շատ շքեղ, հոյակապ, փառաւոր
görkemli, muhteşem

մեծապատիւ

մեծ պատուի արժանի, պատուարժան
muhterem

մեծապատիւ

մեծ պատիւ վայելող

մեծապէս

մեծ չափով, շատ, ուժգին

մեծասքանչ

շատ սքանչելի, հրաշալի

մեծատուն

հարուստ, ընչեղ, ունեւոր

մեծարանք

մեծարում, պատիւ, յարգանք
saygı

մեծարել

յարգել, պատուել
saymak, saygı göstermek

մեծարել

հիւրասիրել
ululamak

մեծարժէք

մեծագին, թանկագին, սուղ

մեծափառ

շատ փառաւոր, փառահեղ

մեծաքանակ

մեծ քանակով, շատ
toptan