HAZIRLIK AŞAMASINDA

մեղանչել

մէկուն հանդէպ մեղաւոր ըլլալ

մեղապարտ

յանցաւոր, յանցապարտ
suçlu, kabahatli

մեղեդի

մեղմ եւ հաճելի եղանակ (նուագի)
melodi, ezgi

մեղեսիկ

թանկագին քար մը
mor yakut

մեղկ

կամքի ոյժ չունեցող, թոյլ
gevşek, yumuşak

մեղմ

ոչ-սաստիկ
hafif

մեղմ

հանդարտ
yumuşak

մեղմ

հաճելի
tatlı

մեղմաձայն

մեղմ ձայնով, ցած ձայնով

մեղմանալ

նուազիլ, թեթեւնալ, հանդարտիլ

մեղմել

մեղմացնել, պակսեցնել, թեթեւցնել
hafifletmek, dindirmek, azaltmak

մեղմընթաց

մեղմ գնացք ունեցող

մեղմութիւն

հանդարտութիւն, քաղցրութիւն

մեղմօրէն

մեղմիւ, մեղմ կերպով

մեղմօրօր

մեղմ եւ կամաց օրօրող

մեղու

թեւաւոր միջատ մը՝ որ ծաղիկներու նեկտարը հաւաքելով մեղր կը շինէ
arı

մեղուաբոյծ

մեղուներ խնամող եւ պահող (մեղր ստանալու համար), մեղուապահ
arıcı

մեղուաջան

մեղուի պէս ջանասէր, ժիր

մեղսակից

յանցանքի մը գործակից
suç ortağı

մեղր

անոյշ հիւթ՝ զոր մեղուները կը շինեն
bal